Յարութիւն Պէրպէրեան
![]() |
սպնեակ
|
|
![]() |
Կորիզ
|
|
![]() |
Սահմաններ
|
|
![]() |
Անցման եղանակ
|
|
* Note: these are all the books on ŷ for this author. To add more, click here.
“Հայրենիքս երկիրն է,
ուր տխրութեան եւ յուսահատութեան
հորիզոնը չի տիրապետեր,
ո՛չ ալ իր համեստ ու անձուկ պիւտճէն
կ'օգտագործուի, զայն հետզհետէ
ոստիկանական երկիր դարձնելու,
ուր սեռային ակումբներու պարուհիներ
եւ թաղային խուլիկաններ՝ ոստիկանի տարազ հագած՝
ցոյցի ելած խաղաղ մարդոց
կամ բողոքող ծեր կիներու
ձեռք չեն ոլորեր
կամ ձերբակալեր:
Հայրենիքիս մէջ
Խարդախուած ու կեղծ ընտրութիւններ չեն կատարուիր,
մարդու, գրողի եւ մտածողի
արի կարծիքը միշտ յարգուած է,
եւ արիւնռուշտ, կոկոզավիզ
սակաւապետներ կամ վաշխառուներ
օֆշորային հաշիւներ չունին,
չեն դանդաղ պարպեր
հայրենիքը իր հարազատ զաւակներէն:
Հայրենիքիս մէջ
ո՛չ, չեն կրակեր, յուսահատութեան դռներուն հասած
հայրենի հողը արեամբ պաշտպանած ֆետայիներուն,
ո՛չ ալ արիւնով ազատագրուած հողը հայրենի
միջազգային առեւտուրի սակարաններուն
ծախու կը հանեն:
Հայրենիքս երկիրն է, ուր
Ամենայն Հայոց ... խրտուիլակը
ադամանդեայ խաչ, ժամացոյց չի կրեր վրան,
ո՛չ ալ մոմիայի անժպիտ դէմքով
սատանայիպ եպիսկոպոսներ
«Պենթլի» կը քշեն:
Հայրեիքս երկիրն է,
ուր թալանչիներ գոյութիւն չունին,
եւ փողկապ հագած, կեղծ ժպիտով
ղեկավարներ անշուշտ չկան,
որոնք բնակին
բարձրանիստ, շքեղ դղեակներու մէջ,
մինչ Հիւսիսի երկրաշարժէն
քառորդ դար ետք
զոհեր դեռ մնան
այնքան նախնական խրճիթներու մէջ,
չհասնի անոնց օժանդակութիւն:
Հայրենիքիս մէջ
խորհրդային անմարդկային շունչով մեծցած,
սակայն ներկայիս վերարկու փոխած,
պատգամաւորներ գոյութիւն չունին,
ո՛չ ալ նախկին «զօրավար»ներ
Պարլեմանտի մէջ,
բարբառային հայերէնով արտայայտուող,
կամ մարզպետներ որոնց համար
որեւէ օրէնք կիրարկելի չէ ...
Հայրենիքիս մէջ
ղեկավարներու տուած խօսքերը
հաւաստի են: Լուրջ
պայքար կը տարուի փտածութեան դէմ:
Հայրենիքիս մէջ
մէկ հարց կայ միայն՝
երկիրս տարուած է
խլութեան ուժեղ համաճարակէ ...
Այս Րաֆֆիի, Թումանեանի,
Վարուժանի կամ Սեւակի
պատկերացուցած հայրենիքը չէ,
ոչ ալ երկիրը
որուն համար պայքարեցան
կամ կեանք տուին, նահատակուեցան
Նժդեհը, Դրօն,
Քեռին, Կարօտը կամ Անդրանիկը:
Հայրենիքս երկիրն է
արդար մարդոց,
մաքուր քրտինքով վաստակուած հացի,
որ կը կորսուի ...
Յարութիւն Պէրպէրեան”
―
ուր տխրութեան եւ յուսահատութեան
հորիզոնը չի տիրապետեր,
ո՛չ ալ իր համեստ ու անձուկ պիւտճէն
կ'օգտագործուի, զայն հետզհետէ
ոստիկանական երկիր դարձնելու,
ուր սեռային ակումբներու պարուհիներ
եւ թաղային խուլիկաններ՝ ոստիկանի տարազ հագած՝
ցոյցի ելած խաղաղ մարդոց
կամ բողոքող ծեր կիներու
ձեռք չեն ոլորեր
կամ ձերբակալեր:
Հայրենիքիս մէջ
Խարդախուած ու կեղծ ընտրութիւններ չեն կատարուիր,
մարդու, գրողի եւ մտածողի
արի կարծիքը միշտ յարգուած է,
եւ արիւնռուշտ, կոկոզավիզ
սակաւապետներ կամ վաշխառուներ
օֆշորային հաշիւներ չունին,
չեն դանդաղ պարպեր
հայրենիքը իր հարազատ զաւակներէն:
Հայրենիքիս մէջ
ո՛չ, չեն կրակեր, յուսահատութեան դռներուն հասած
հայրենի հողը արեամբ պաշտպանած ֆետայիներուն,
ո՛չ ալ արիւնով ազատագրուած հողը հայրենի
միջազգային առեւտուրի սակարաններուն
ծախու կը հանեն:
Հայրենիքս երկիրն է, ուր
Ամենայն Հայոց ... խրտուիլակը
ադամանդեայ խաչ, ժամացոյց չի կրեր վրան,
ո՛չ ալ մոմիայի անժպիտ դէմքով
սատանայիպ եպիսկոպոսներ
«Պենթլի» կը քշեն:
Հայրեիքս երկիրն է,
ուր թալանչիներ գոյութիւն չունին,
եւ փողկապ հագած, կեղծ ժպիտով
ղեկավարներ անշուշտ չկան,
որոնք բնակին
բարձրանիստ, շքեղ դղեակներու մէջ,
մինչ Հիւսիսի երկրաշարժէն
քառորդ դար ետք
զոհեր դեռ մնան
այնքան նախնական խրճիթներու մէջ,
չհասնի անոնց օժանդակութիւն:
Հայրենիքիս մէջ
խորհրդային անմարդկային շունչով մեծցած,
սակայն ներկայիս վերարկու փոխած,
պատգամաւորներ գոյութիւն չունին,
ո՛չ ալ նախկին «զօրավար»ներ
Պարլեմանտի մէջ,
բարբառային հայերէնով արտայայտուող,
կամ մարզպետներ որոնց համար
որեւէ օրէնք կիրարկելի չէ ...
Հայրենիքիս մէջ
ղեկավարներու տուած խօսքերը
հաւաստի են: Լուրջ
պայքար կը տարուի փտածութեան դէմ:
Հայրենիքիս մէջ
մէկ հարց կայ միայն՝
երկիրս տարուած է
խլութեան ուժեղ համաճարակէ ...
Այս Րաֆֆիի, Թումանեանի,
Վարուժանի կամ Սեւակի
պատկերացուցած հայրենիքը չէ,
ոչ ալ երկիրը
որուն համար պայքարեցան
կամ կեանք տուին, նահատակուեցան
Նժդեհը, Դրօն,
Քեռին, Կարօտը կամ Անդրանիկը:
Հայրենիքս երկիրն է
արդար մարդոց,
մաքուր քրտինքով վաստակուած հացի,
որ կը կորսուի ...
Յարութիւն Պէրպէրեան”
―
&ܴ;ՀԳԵՀԱՆԳԻՍ
Կարծես անոնք երբեւիցէ
չեն մահացած.
մաքրուած են ջուրէն յղի:
Անոնք կ՛ապրին քու մարմնին մէջ,
բառեր կ՛ըսեն զրմանալի:
Եւ կը շրջիս
դուն դէմքերով ծերունիի,
աղջկայ եւ մանուկի:
Քու մարմնին մէջ ծլարձակուած
անոնք ոտեր են կ՛աճին:
Անոնք կանաչ աչքեր են,
շրթունքներ են,
կռունկներ են,
երկինքներ են,
բառեր են:”
― Կորիզ
Կարծես անոնք երբեւիցէ
չեն մահացած.
մաքրուած են ջուրէն յղի:
Անոնք կ՛ապրին քու մարմնին մէջ,
բառեր կ՛ըսեն զրմանալի:
Եւ կը շրջիս
դուն դէմքերով ծերունիի,
աղջկայ եւ մանուկի:
Քու մարմնին մէջ ծլարձակուած
անոնք ոտեր են կ՛աճին:
Անոնք կանաչ աչքեր են,
շրթունքներ են,
կռունկներ են,
երկինքներ են,
բառեր են:”
― Կորիզ
“Մահը հարիւր ձեւերով
Կը ծաղկի արդէն
Մահը հարիւր ձեւերով
մեր շուրջ արդէն կը ծաղկի՝
օրինաչափ մեր քայլերէն,
չոռոգուած եւ լոյսէ հեռու
ձգտումներէն նիհարկեկ,
ապրումներու
ներմուծումէն մաքսանենգ:
Մահը մեր շուրջ կը ծաղկի
ջերմանոցային առօրեային մէջ,
ուր զուր կը փորձենք
պաշտպանուիլ ցուրտէն
եւ ջերմութեան
կաթիլները ամբարել՝
արուեստական մեր կեցութեան մէջ�
Մահը արդէն կը ծաղկի
եւ թակարդին մէջ անոր
ամէն վայրկեան կը սահինք:
�.&ܴ;
― սպնեակ
Կը ծաղկի արդէն
Մահը հարիւր ձեւերով
մեր շուրջ արդէն կը ծաղկի՝
օրինաչափ մեր քայլերէն,
չոռոգուած եւ լոյսէ հեռու
ձգտումներէն նիհարկեկ,
ապրումներու
ներմուծումէն մաքսանենգ:
Մահը մեր շուրջ կը ծաղկի
ջերմանոցային առօրեային մէջ,
ուր զուր կը փորձենք
պաշտպանուիլ ցուրտէն
եւ ջերմութեան
կաթիլները ամբարել՝
արուեստական մեր կեցութեան մէջ�
Մահը արդէն կը ծաղկի
եւ թակարդին մէջ անոր
ամէն վայրկեան կը սահինք:
�.&ܴ;
― սպնեակ
Is this you? Let us know. If not, help out and invite Յարութիւն to ŷ.